2015-04-21 10:27:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հեռագիրը` Եթովպացի 29 քրիստոնեաներու գլխատումին ի լուր։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Մեծ կսկիծով եւ ցաւով իմացայ լուրը` Լիպիայի մէջ,  անմեղ քրիստոնեաներու դէմ դարձեալ գործադրուած բռնութեան'' կը գրէ Ֆրանչիսկոս Պապը Եթովպայի Օրթոտոքս եկեղեցւոյ Պատրիարք` Ապունա Մաթթիասին յղած ցաւակցական պատգամին մէջ, ի լուր Եթովպացի 29 քրիստոնեաներու գլխատումին, Իսլամ Պետութեան զինեալներու կողմէ։

''Անոնք զոհուեցան որովհետեւ մեր Տիրոջ ու Փրկիչ Յիսուս Քրիստոսի հետեւորդներն էին'' կը գրէ ապա Քահանայապետը իր զօրակցութիւնը յայտնելով Պատրիարքին ու ապահովելով իր մօտիկութիւնն ու աղօթքը ի տես Ափրիկէի, Միջին Արեւելքի եւ Ասիական ցամաքամասի մէջ տեղի ունեցող նահատակութիւններուն։

Տարբերութիւն չկայ եթէ զոհերը կաթողիկէ, Ղպտի, Օրթոտոքս կամ բողոքական են։ Անոնց արիւնը միեւնոյնն է ու միացած Քրիստոսի մէջ։ Մեր Քրիստոնեայ եղբայրներուն եւ քոյրերուն արիւնը վկայութիւն մըն է որ կ՛աղաղակէ, որպէսզի իր ձայնը լսելի դարձնէ անոնց որոնք տակաւին գիտեն չարը զանազանել բարիէն։ Աղաղակ մը որ պէտք է լսելի դառնայ անոնց որոնք ժողովուրդներու ճակատագիրը ունին իրենց ձեռքերուն մէջ - կը հաստատէ Ֆրանչիսկոս Պապը ու իր պատգամը կ՛եզրափակէ մատնանշելով Զատկուայ ուրախութեան շրջանին որուն ընթացքին ''կը  հռչակենք թէ Քրիստոս Յարութիւն առաւ մերելներէն'' եւ որ ցաւով յատկանշուած է։  Թէեւ - կ՛ընդգծէ Սրբազան Հայրը -  գիտակից ենք որ կեանքը` ապրուած Աստուծոյ Ողորմութեան մէջ, աւելի զօրեղ է քան տառապանքը զոր բոլոր քրիստոնեաները կ՛ապրին, տառապանք մը որ կը միացնէ բոլոր կրօններու պատկան` բարի կամք ունեցող այրերն ու կիները։

Սրտագին ցաւակցութիւններով եւ Քրիստոսի մեր Տիրոջ խաղաղութեան ողջագուրումով։

Վատիկան 20 ապրիլ 2015։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.